ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ուիքիլիքս» կայքին մէջ հրապարակւած են ՀՅԴի  անդամներու վերաբերեալ նամակներ: Ստորեւ կը ներկայացուի Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Էվանսի նամակը, որը գրուած է  2006 թուականին, երբ ՕԵԿը դուրս եկաւ համախոհական կառավարութենէն եւ կրթութեան նախարարութիւնը  տրուեցաւ ՀՅԴին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք զեկոյցը.-
Հայաստանի մէջ կրթական ոլորտը ամէնէն փտածն է, կաշառակերութեամբ յագեցած է, եւ ՀՅԴն բազմիցս իր դժգոհութիւնը յայտնած է այդ մասին՝ դեռ եւս Սերգօ Երիցեանի ղեկավարման օրօվ, որ «Օրինաց երկիր» կուսակցութեան երկրորդ դէմքն է:
Լեւոն Մկրտչեանը 41 տարեկան է: Ան շատ ընկերասէր եւ չափազանց խելացի մարդ է, ինչպէս նաեւ ծանօթ  է ՀՅԴ շարքերուն մէջ: 90ական թուականներու սկզբները ան կը ղեկավարէր ՀՅԴն, որ արգիլուած էր ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրօվ: 1996-1998 թուականներուն ան Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ եղած է: Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահ դառնալէն ետք Լեւոն Մկրտչեանը ստանձնեց բազմաթիւ ղեկավար պաշտօններ՝ 1998-1999՝ Կրթութեան  նախարար, 1999-2000՝ ՀՀ վարչապետի խորհրդական, 2000-2001՝ փոխ արտաքին գործոց  նախարար, 2001-2003՝ Կրթութեան  նախարար: 2003 թուականի Մայիս ամսուն ան համամասնական ցուցակով կÿընտրուի ՀՀ ԱԺ եւ կը ղեկավարէ ՀՅԴ խմբակցութիւնը: Մկրտչեանը ղեկավարած է ԱԺ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան  խումբը եւ գերազանց կը տիրապետէ անգլերէնին: Մկրտչեանը աւարտած է ԵՊՀն, գիտութիւններու տոքթոր է: Ամուսնացած է, ունի 1 երեխայ:
«Ուիքիլիքս» կը յայտնէ թէ  Յունիս 5ին դեսպանը, DCM եւ CAO ընկերութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպած են Կրթութեան նորանշանակ նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հետ, որ իր պաշտօնը ստանձնած է Արթուր Բաղդասարեանի կուսակցութեան՝ Կոալիցիայէն դուրս գալէն ետք: Մկրտչեանը հիանալի տպաւորութիւն ձգած է՝ պայքարելով կրթական համակարգի բարելաւման համար: «Կրթական համակարգը ամենակոռումպացուածն է  հետեւաբար շատ դժուար է լուծել բան մը, որ Մկրտչեանի նախորդը չէր ցանկացած իրագործել» կը գրուի յայտնաբերումններուն մէջ:
Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը հրապարակաւ որեւէ բառ չըսաւ Համաշխարհային դրամատան հետ ուսումնական ծրագրերու համագործակցութեան դանդաղ ընթացքին մասին: Ան մանրամասնեց ծրագրի վատ կողմերը՝ բազմաթիւ բաց թողուած վերջնաժամկէտներ, սխալ հրամաններ եւ այլն: Ան յատկապէս նշեց, որ 1.2 միլիոն ԱՄՆ տոլարը, «մեղմ ասած», չէ հասած իր նպատակին: Մկրտչեանը թէեւ յայտնած է իր դժգոհութիւնը Համաշխարհային դրամատան, սակայն ցանկութիւն յայտնեց վերահսկել 2006 թուականի անոնց աշխատանքները:
Լեւոն Մկրտչեանը իր մեծագոյն առաքելութիւն համարած է  միջնակարգ կրթութիւնը 10է 12 տարի դարձնելը: Չնայած բազմաթիւ բողոքներուն, թէ 12 տարին շատ է երեխայի համար, ան կը կարծէ, որ կառավարութիւնը պէտք է բացատրէ ծնողներուն, որ խորհրդային ժամանակները անցած են, եւ Հայաստանը պէտք է հետեւի եւրոպական չափանիշներուն, այդ ժամանակ ծրագիրը յաջողութիւն կ՛ունենայ:
Մկրտչեանը նաեւ իր դժգոհութիւնը յայտնած է  առ այն, որ Երիցեանը Համաշխարհային դրամատան կողմէ տրամադրուած ամբողջ գումարը ծախսած է հեռուստատեսային քարոզչութիւն ընելու համար, որը, սակայն, որեւէ յաջողութիւն չէ ունեցած:
2005 թուականի Մայիսին Հայաստանը որդեգրեց Պոլոնեան համակարգը, որու շնորհիւ մինչեւ 2010 թուականը Հայաստանի կրթական համակարգը կը դառնայ եւրոպականի նման: