«Հայլուր» կը հաղորդէ, որ Արենիի մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի հնագոյն զգեստներէն մէկը։ Հագուստի մեծաքանակ մնացորդներէն առաջինը բացուած փոքրիկ մէկ կտորն իսկ՝ ապշեցուցած է շատ բան տեսած հնագէտներուն։

Երկգոյն ծղոտով հիւսուած զգեստը այնպիսի տեսք ունի, կարծէք անիկա քարայրին մէջ երէկ ձգուած է։ Օրկանական նիւթերը այստեղ բնական եղանակով զմրսուած են շատ աւելի լաւ, քան եգիպտական բուրգերուն մէջ։
Քարայրի բացառիկ ներքին կլիմայի եւ իրենց յայտնաբերած հագուստի շնորհիւ  հնագէտները շուտով կրնան միացնել գտնուած կտորները եւ ցոյց տալ, թէ կը պատկանին ՆՔ 39-րդ դարուն ապրած, որոշ չափով ունեւոր կնոջ մը։
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Արենիի քարայրին մէջ յայտնաբերուած էր աշխարհի հնագոյն կօշիկը, իսկ ատկէ որոշ ժամանակ ետք բացուած էին գինիի կարասներ։ Քարայրի իւրայատուկ ներքին կլիմայի շնորհիւ պահպանուած հնագիտական իրերուն հետազօտութեամբ կարելի պիտի ըլլայ աւելի լաւ ճանչնալ մեր նախնիներն ու անոնց ապրելակերպը։

Արենիի մէջ գտնուած գործուածքի կտորներու իրական նշանակութեան պատասխանը
կուտան միայն հետագայ ուսումնասիրութիւնները

Արենի 1 քարանձաւի՝ 2010 թուականին կատարուած պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած գործուածքի կտորները կը թուագրուին մ.թ.ա. 4-րդ հազարամեակի սկիզբը: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին նշեց ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի գիտաշխատող, Արենիի պեղումներու աշխատանքները գլխաւորող հնագետ Պորիս Գասպարեանը, գտնուած գործուածքներէն փոքր հատուած մը ուղարկուած էր Քալիֆորնիայի եւ Օքսֆորդի համալսարաններ՝ ճշգրիտ թուագրութեան համար: «Համալսարանների արդիւնքները ստացուել են, որոնք հաստատում են գործուածքների թուագրումը մ.թ.ա. 4 հազարամեակին»,- ըսաւ Պ. Գասպարեանը՝ ընդգծելով, որ գործուածքներու բոլոր հատուածները կը պահպանուին Հայաստանի մէջ եւ կը գտնուին մաքրման փուլի մէջ: «Այժմ չենք կարող հաստատապէս նշել, թէ ինչի մաս են կազմում գտնուած գործուածքների կտորները: Դրանց պատասխանը կուտան հետագայ ուսումնասիրութիւնները, որոնք կը կատարուեն համապատասխան մասնագէտների կողմից»,- ըսաւ հնագէտը:
Ան ցաւով նշեց, որ Հայաստանի մէջ չկան համապատասխան մասնագէտներ՝ ամբողջական ուսումնասիրութիւններու համար: «Մօտակայ շրջանում նախատեսւում է այլ պետութիւնների մասնագէտների հետ համագործակցութեան հաստատում, որը թոյլ կուտայ իրականացնել վերջնական ուսումնասիրութիւններն ու կատարել եզրակացութիւններ, թէ ինչ են իրենցից ներկայացնում այդ գործուածքները»,- վստահեցուց Պ. Գասպարեանը: