7-10 Հոկտեմբերին Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին 10-րդ աշնանային հանդիպման ընթացքին պիտի քըննարկուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:

Սեպտեմբերի 28-ը Տեղեկատուութեան ազատութեան միջազգային օրն է: 2002 թուականէն սկսեալ Հայաստանի մէջ կը գործէ մամլոյ ազատութեան մասին օրէնքը, ուր նշուած է քաղաքացիներու իրաւունքը  տեղեկատուութիւն ստանալու համար:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ կը գտնուի: Երէկ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին, Փարիզի «Էլիզէ» պալատին մէջ հանդիպած է իր ֆրանսացի գործընկեր Նիքոլա Սարքոզիի հետ։
Բարձրաստիճան հիւրի ընդունելութեան պաշտօնական մասէն ետք, երկու երկիրներու ղեկավարները ունեցած են առանձին հանդիպում մը, որմէ ետք, ի պատիւ Հայաստանի նախագահին՝ մատուցուած է պաշտօնական ընթրիք։ Իր կարգին՝ Նիքոլա Սարքոզի պետական այցով Հայաստան պիտի այցելէ Հոկտեմբեր 5ին:


ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ոչ կառուցողական կեցուածքը, մօտիկ ապագային ղարաբաղեան հարցին մէջ որեւէ յառաջընթաց չի տեսներ:

ԱՐԱՐԱՏ.- Սեպտեմբեր 23ին, Արարատի մարզպետ Էդիկ Բարսեղեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արայիկ Գրիգորեան, «Հայջրմուղկոյուղի» ընկերութեան Արարատի մարզային մասնաճիւղի ղեկավար Ֆելիքս Մելիքեան եւ նոյն ընկերութեան ներդրումային ծրագիրի տնօրէն Նորիկ Գէորգեան շնորհաւորեցին Նոյակերտ եւ Եղէգնաւան գիւղերու բնակիչները: