Սթրազպուրկի մէջ շաբթու սկիզբը սկսած է Եւրոխորհուրդի Խորհըրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) աշնանային նըստաշրջանը, որ իր աշխատանքները պիտի աւարտէ Հոկտեմբեր 7ին:
Հայաստանի հետ ուղղակիօրէն առնչուող այլ հարցերու կողքին, նստաշրջանի քննարկման օրակարգին վրայ կայ նաեւ ԵԽԽՎ նախագահ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Մաւլուտ Չաւուշօղլուի ջանքերով այս տարուան Յունուարին վերագործարկուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղող ենթայանձնաժողովին հարցը:
Իր ունեցած ելոյթին մէջ, ԵԽԽՎի մօտ Հայաստանի ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան մասնաւորապէս նշած է. «Մեզ համար արդէն որեւէ անակնկալ չէ այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ այսպէս կոչուած յատուկ յանձնաժողովի հանդիպումը յամառօրէն եւ կանոնաւոր կերպով կրկին յայտնւում է մեր օրակարգում: Անակնկալ չէ նաեւ այն փաստը, որ մէր զրուցակիցները նախընտրում են բացառապէս անուշադրութեան մատնել եւ անտեսել մեր շարունակական եւ համոզիչ բացատրութիւնները եւ փաստարկները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցում այս պատուարժան համագումարի դերի եւ առաքելութեան մասին»:
Որպէս հաւանական բացատրութիւն, պատուիրակութեան ղեկավարը իր գործընկերներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց «ներկայ պատ- ւիրակութիւններից մէկի հանդէպ որոշ պարտաւորութիւններ ստանձնած» Չաւուշօղլուի գործողութիւնների վրայ: Ընդգծելով, որ հնարաւոր չէ ակնկալել դրական արդիւնքներ ստիպողաբար կիրառուող գործընթացէն՝ Յարութիւնեան վերահաստատած է նախորդ նստաշըրջաններու հայկական պատուիրակութեան յայտարարութիւնները՝ ենթայանձնաժողովի աշխատանքները անտեսելու մասին:
Մատնանշելով ԵԽԽՎի ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներու հակահայ քարոզչութիւնը՝ Յարութիւնեան յիշեցուցած է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ վեհաժողովի միակ «աջակցութիւնը» պիտի ըլլայ «անվստահութիւն, անհիմն մեղադրանքների եւ սուր հռետորութեան» յաւելեալ հարթակ տրամադրելը: Ան դարձեալ առաջարկած է ատրպէյճանական կողմին, որ հետեւելով Հայաստանի պատուիրակութեան օրինակին՝ կասեցնէ իր հակահայ քարոզչական արշաւը:
Յարութիւնեան եզրափակած է ելոյթը՝ յոյս յայտնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն վերաբերեալ, վեհաժողովը հանդէս կու գայ «պատասխանատու դիրքերից»:
Իր կարգին, Չաւուշօղլու պատասխանած է Հայաստանի մէջ Մարտ 1ի դէպքերուն վերաբերեալ հարցումի մը՝ ըսելով. «Երեւան կատարած այցէս ետք որոշ բարեփոխումներ իրականացած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ մենք կ՛ողջունենք: Սակայն, միաժամանակ, նշեալ դէպքերու հետաքննութիւնը չէ իրականացած, ոեւէ մէկը զոհերու համար պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած: Մենք յոյսով ենք, որ դրական զարգացումներ կ՛արձանագրուին եւ լուրջ հետաքննութիւն կ'իրականացուի»: