ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եռօրեայ աշխատանքային այցով՝ Սեպտեմբեր 29էն Հոկտեմբեր 1 մեկնած էր Արցախ:
Այցի ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի ընկերակցութեամբ, այցելած է պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական, հիւսիսարեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած շարք մը զօրամասեր ու ստորաբաժանումներ: Շրջայցի ընթացքին Սէյրան Օհանեան հանդիպումներ ունեցած է զինուորական անձնակազմին հետ, այցելած սահմանային որոշ հատուածներ, հետաքրքրուած զինուորներու մարտական եւ ծառայողական առօրեայով ու ծանօթացած անոնց հասարակական-կենցաղային պայմաններուն:
Պաշտպանութեան բանակին մէջ զինուորական անձնակազմին հետ հանդիպումներու ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ թէեւ բանակը իրեն առջեւ դրած մարտական խնդիրները գերազանցօրէն կը կատարէ, այդուհանդերձ, մերթընդմերթ արձանագրուող արտակարգ պատահարները եւ արատաւոր երեւոյթները կը փորձեն ստուեր ձգել բանակի հեղինակութեան վրայ:
Նախարարը աններելի համարած է ոչ մարտական պայմաններու մէջ մարդկային կորուստները եւ նշած, որ արդարացի է հասարակութեան պահանջը այն մասին, որ բանակին մէջ արատաւոր երեւոյթները պէտք է հասնին նուազագոյնի:
Պաշտպանութեան նախարարը մասնաւորապէս ըսած է. «Բոլոր հրամանատարները պէտք է հասկանան, որ սա մեզ համար պատասխանատուութեան եւ պատուի հարց է: Զինուորական կարգապահութիւնը զօրքերի մարտունակութեան ապահովման հիմնարար գործօններից է եւ մարտական ոգու հիմնաքարը»:
Նախարար Օհանեան նշած է, որ անձնակազմին հետ աշխատանքները եւ արատաւոր երեւոյթներու դէմ պայքարը պիտի գտնուի զինուած ուժերու ղեկավարութեան ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնը, որպէսզի հայկական ազգային բանակը հիմնուի այնպիսի արժէքներու վրայ, ինչպիսին են մարդկային յարաբերութիւններու գերադասումը, հրամանատարի անձնական օրինակը, հաւասար եւ արդար վերաբերմունքը զինուորի հանդէպ եւ այլն: