Հայ մանկավարժներու տօնը շնորհաւորելով վերեւ նշուած խօսքերը արտասանեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, աւելցնելով, որ այդ մէկը հասարակութեան գնահատականի արդիւնքն է:
«Մեծ է ձեր վաստակը սերունդների կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցում: Լինելով ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորողը՝ դուք դառնում էք տուեալ համակարգի կարեւոր հիմնասիւնը»,-ըսաւ նախարարը, նկատել տալով որ այդ է պատճառը, որ իւրաքանչիւրի համար ծնող եւ ուսուցիչ բառերը կը նոյնանան:
Արմէն Աշոտեանի խօսքերով՝ անկախ տարիքէն, ընկերային դիրքէն ու կարգավիճակէն, բոլորը ուսուցիչի ներկայութեամբ իրենք իրենց որպէս աշակերտ կը զգան: