Ֆրանսայի նախագահ  Նիքոլա Սարքոզի պետական այցով Հայաստան կ'այցելէ այսօր Հոկտեմբեր 6-ին:
Ան այցելութիւններ պիտի կատարէ նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան:



ԸՍՏ «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ»Ի
ՍԱՐՔՈԶԻ
ՖՐԱՆՍԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
ԱՆՑԱԾ Է ԳՐՈՀԻ

 Թրքական «Հիւրրիյէթ»  օրաթերթը՝ անդրադառնալով Փարիզի մէջ Շարլ Ազնաւուրի համերգին Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ներկայութեան, կը գրէ, որ Սարքոզի իր եւ ֆրանսահայ համայնքին միջեւ խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու համար անցած է գրոհի:
«Ֆրանսայի մէջ հայկական սփիւռքի եւ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի միջեւ սեպ խրուած էր այն բանէն ետք, երբ վերջինս կասեցուցած էր Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումը: Սակայն հիմա Սարքոզին հայկական սփիւռքի հետ իր յարաբերութիւնները վերականգնելու համար անցած է գրոհի», կը գրէ օրաթերթը՝ աւելցնելով. «Սարքոզին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի համերգին: Բացի ատկէ, Ֆրանսայի նախագահը 6-7 Հոկտեմբերին Երեւան պիտի այցելէ»:
Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքի մեծ թուաքանակը  յիշեցնելով՝ «Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ «հայկական սփիւռքը, որ Ֆրանսայի մէջ ունի շուրջ 500 հազար ընտրող, յայտարարած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի աջակցի ընկերվարականներու թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտին»: