Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ին, Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի հերթական մրցումի մը ընթացքին, 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց Սքոփիայի դէմ՝ ժամանակաւորապէս բարձրանալով Բ. խմբակի երկրորդ դիրք:
Առաջին կիսախաղի 28րդ վայրկեանին, մրցումին հաշիւը բացաւ Մարքոս Փիզելին, Եուրա Մովսիսեանէն հոյակապ փոխանցում մը ստանալով: 34րդ վայրկեանին, Հենրիկ Մխիթարեան կրկնապատկեց հաշիւը: Կիսախաղը 2-0 արդիւնքով աւարտեցաւ:
68րդ վայրկեանին, Եուրա Մովսիսեանի փոխանցումէն ետք, Գէորգ Ղազարեան դարձեալ գրաւեց հիւրերուն դարպասը, մինչ 86րդ վայրկեանին, հիւրը յաջողեցաւ կրճատել հաշիւին տարբերութիւնը եւ Վանչէ Շիքովը դարձաւ Սքոփիայի հաւաքականի որբ կօլին հեղինակը: Մրցումի վերջին պահերուն, Արթուր Սարգիսով, դարձեալ Մովսիսեանէն փոխանցում մը ստանալով՝ 4ի հասցուց մրցումին արդիւնքը: Մրցումին ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Մրցումի աւարտին ժողովուրդը ողողեց ճամբաները եւ մինչեւ առտու տօնեց մարզական կարեւոր այս յաղթանակը։
Հայաստանի հաւաքականը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին, Իրլանտայի մէջ պիտի կատարէ իր վերջին մրցումը, ուր հիւրընկալներուն դէմ յաղթանակ մը հարկաւոր է՝ աւարտախաղերուն հասնելու համար: