Վաղ ամուսնութիւններու հիմնական պատճառը աղքատութիւնն է. ծնողները կ'ամուսնացնեն աղջիկները, որպէսզի ուրիշներ զբաղուին անոնց խնամքով
Աշխարհի մէջ միլիոնաւոր անչափահաս աղջնակներ ստիպողաբար կÿամուսնանան. թէեւ շատ երկիրներու մէջ օրէնքը կÿարգիլէ ատիկա, այդուհանդերձ շատերը կը շրջանցեն օրէնսդրութիւնը:
Նախորդ ամիս Հարաւ-Աֆրիկեան Հանրապետութեան նշանաւոր հասարակական գործիչ, արքեպիսկոպոս Տեսմոնտ Թութուն, ներկայանալով «Աղջնակները հարսներ չեն» խորագրով միջազգային գիտաժողովին, մանկական ամուսնութիւնները անուանեց երեւոյթ, որը «միլիոնաւոր աղջիկներու կը զրկէ մանկութենէն, սեփական արժանապատուութեան զգացումէն եւ իրաւունքներէ»:
Ուշագրաւ փաստ մը. մանկական ամուսնութիւններու 40 տոկոսը բաժին կÿիյնայ Հնդկաստանին: Հնդկաստան անչափահասներու ամուսնութիւնը արգիլուած է օրէնքով եւ տուգանք կը սպառնայ՝ 2000 տոլարի չափով եւ երկու տարուայ ազատազրկում: Ատիկա սակայն չի խանգարեր, որ մանկական ամուսնութիւնները սովարական ըլլան եւ պաշտպանութիւն գտնեն ամբողջ համայնքին կողմէ:
Ի դէպ, ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի զեկոյցի համաձայն, ամէն տարի 10 մլն անչափահաս աղջիկ բռնիօրէն կÿամուսնանայ՝ 18 տարին չլրացած:
Աշխարհի մէջ առնուազն 50 մլն ընտանիք կայ, ուր ամուսինն ու կինը անչափահաս են: Այս թիւը կը կրկնապատկուի տասնամեակի վերջաւորութեան: Ամենաշատ անչափահաս հարսները Չատի, Մալիի եւ Նիկերիոյ մէջ են:
Ամէն տարի 15-19 տարեկան 14 մլն աղջիկ կը ծննդաբերէ: Տարիքային այս խումբին համար ծննդաբերելու ժամանակ մահանալու վտանգը կրկնակի մեծ է, քան 20 տարեկաններուն համար:
Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝ մինչեւ 18 տարեկանն ամուսնացած կանայք աւելի յաճախ բռնութիւններու կÿենթարկուին:
Վաղ ամուսնութիւնները կÿոտնահարեն նաեւ անչափահասի կրթութիւն ստանալու իրաւունքը: Իրաւապաշտպանները, որ կÿուսումնասիրեն այս խնդիրը, կÿընդգծեն, որ վաղ ամուսնութիւններու հիմնական եւ խորքային պատճառը՝ աղքատութիւնն է: Մինչդեռ եթէ աղջիկները կարողանան անվճար կրթուիլ եւ աշխատիլ, կը կարողանան նաեւ վաղ ամուսնութեան դէմ հակափաստարկներ ներկայացնել իրենց ծնողներուն:
«Report.am»