Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անդամ պետութիւններու ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստը:
Նիստին սկիզբը Ռաշիտ Նուրկալիեւ ԱՊՀ ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահութեան լիազօրութիւնները փոխանցեց Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիք Սարգսեանի:
Նիստի մասնակից ԱՊՀ անդամ 10 երկիրներու ներկայացուցիչներուն կողքին Երեւան կը գտնուի նաեւ Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Ռամիլ Ուսուպով: ԱՊՀ ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանեցին նաեւ Պելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Ղըր-խըզիստանի, Մոլտաւիոյ, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի, Ուզպեքիստանի եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները:
ԱՊՀ ներքին գործոց նախարարներու երեւանեան նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան (Ինթըրփոլ) ընդհանուր քարտուղար Ռոնալտ Նոպլ:
Երեւանեան նիստին ընթացքին քննարկուեցան ոճիրներու դէմ պայքարին մէջ ԱՊՀ երկիրներու ներքին գործոց նախարարութիւններու մարմիններու հետագայ համագործակցութեան կատարելագործման եւ համակարգման վերաբերող հարցեր:
Օրակարգը բաղկացած էր 8 կէտերէ, որոնց շարքին կը գտնուէին ԱՊՀ անդամ երկիրներու ներքին գործոց նախարարութիւններու գերակայ խնդիրները եւ ոճիրներու դէմ պայքարի միջպետական ծրագիրներու իրականացման ընթացքը, տեղեկատուական արհեստագիտութեան կիրարկումով կատարուող ոճիրներու դէմ պայքարին մէջ ԱՊՀ պետութիւններու համագործակցութեան հայեցակարգի եւ ԱՊՀ պետութիւններու իրաւասու մարմիններու կողմէ քրէական գործերով իրեղէն ապացոյց հանդիսացող թմրամիջոցներու, հրազէնի եւ զինամթերքի փոխանցման վերաբերեալ արձանագրութեան նախագիծին քըննարկումը:
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան մասնակցեցաւ նիստին եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց: