Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագրեր ստորագրեց Ա. Կիրակոսեանին Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար նշանակելու մասին,

ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 8-րդ կէտով՝ կ'որոշէ. Աւստրիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեանին, համատեղութեան կարգով, նշանակեց Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար (նստավայրը՝ Վիեննա):
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագրեր ստորագրեց Աշոտ Յովակիմեանին  Աւստրիոյ, Հունկարիոյ եւ Սլովակիոյ հանրապետութիւններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն ազատելու մասին:
Նախագահի մէկ այլ հրամանագրով Աշոտ Յովակիմեան ազատուեցաւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութան առաքելութեան ղեկավարի պարտականութիւններէն: