ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 13ին ընդունած է Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ռոնալտ Քենեթ Նոպլ:
Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակի տեղեկատուութեան, ողջունելով հիւրը՝ Ս. Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան համաշխարհային առաքելութիւնը: «Մենք առանցքային ենք համարում կազմակերպութեան դերը յանցաւորութեան դէմ պայքարում, ուստի ցանկութիւն ունենք է՛լ աւելի խորացնել մեր յարաբերութիւնները «Ինթըրփոլ»ի հետ», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Հանրապետութեան ղեկավարին խօսքով, Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ համատեղ աշխատանքը Հայաստանի մէջ կը դիտարկուի նաեւ իբրեւ մեր մասնագէտներու մասնագիտութեան բարձրացման հնարաւորութիւն: Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ռոնալտ Քենեթ Նոպլի անձնական ներդրումը «Ինթըրփոլ»ի արդիականացման գործին մէջ:
«Ինթըրփոլ»ի գլխաւոր քարտուղարը ընդգծած է, որ Հայաստանը եւ «Ինթըրփոլ»ի հետ անոր կապող օղակը՝ Ազգային կեդրոնական բիւրօն, մեծ հեղինակութիւն ունին կազմակերպութեան մէջ:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է «Ինթըրփոլ»ի գլխաւոր քարտուղարութեան՝ Ազգային կեդրոնական բիւրոյին մշտական աջակցութեան համար, եւ ընդգծած, որ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գործին մէջ համագործակցութիւնը ուղղակի անհրաժեշտ է: