Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ եւ Նոր Նախիջեւանի
ու Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս եպս. Ներիսեանի աջակցութեամբ՝ համագործակցութեան հիմքեր դրուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Սէն Փէթէրսպուրկի «Ս. Ալէքսանտր Նեւսքի» ուղղափառ հոգեւոր ակադեմիոյ միջեւ:
Այս գծով, Գէորգեան ճեմա-րանի տեսուչ Տ. Գէորգ վրդ. Սարոյեան եւ «Ս. Ալէքսանտր Նեւսքի» ակադեմիոյ վերատեսուչ Ամվրոսիօ եպս. Կաչչինսքիի միջեւ ստորագրուեցաւ երկու հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան մասին փասթաթուղթ մը: Սէն Փէթէրսպուրկ կատարած այցելութեան ընթացքին Տ. Գէորգ վրդ. Սարոյեան մասնակցեցաւ նաեւ հոգեւոր ակադեմիոյ նորոգուած գրադարանի բացման արարողութեան, որ նուիրուած էր երկու կրթական հաստատութիւններու բարեկամութեան: Գրադարանի նորոգութիւնը կատարւած էր տեղւոյն հայ համայնքէն Հրաչեայ Պօղոսեանի օգնութեամբ:
Հարկ է նշել, թէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի պատմութեան մէջ այս առաջին դէպքն է, երբ համաձայնագիր կը կնքուի երկու կրթօճախներու միջեւ՝ համագործակցութեան լայն շրջանակներով: Համաձայնագիրը կը վերաբերի կրթական, գիտական, հրատարակչական, մեթոտական ծրագրերու զարգացման: Տեղի պիտի ունենան նաեւ ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակումներ, գիտական նոր ուսումնական միջոցներու ներդրումներ:
Տ. Գէորգ վրդ. Սարոյեան բարձր գնահատեց այս համաձայնութիւնը ու ըսաւ, թէ այս գործակցութիւնը կը խօսի երկու եկեղեցիներու միջեւ բարեկամական ամուր կապի մասին, որ առիթ պիտի տայ աւելի սերտ ու ջերմ յարաբերութիւններու: