ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ կը կառուցէ արհեստագործական ուսումնարան: Կրթօճախը կեանքի կը կոչուի Եզնիկ Մոզեանի կտակած գումարներով եւ կը կրէ ֆրանսահայ բարերարին անունը:

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարելի չէ լուծել ռազմական ճանապարհով:

Գոհունակութեամբ նշուեցաւ թէ յառաջընթաց արձանագրուած է քաղաքական երկխօսութեան եւ բարեփոխումներուն, արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան, արդարադատութեան մարզերուն մէջ:

Հայրենի «tert.am» լրատուամիջոցը կը յայտնէ թէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքէջը անդրադարձ ունի Հայաստանի հետ սկսած բանակցութիւններուն շուրջ, նշելով թէ որոշուած է «խոր ու ընդգրկուն ազատ առեւտուրի գօտի» ստեղծել, որպէսզի խթան հանդսիանան Եւրոպական Միութեան  արեւելաեւրոպական գործընկերոջ տնտեսական աճին ու ներդրումներուն: 

Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի անցեալ շաբթու մէջ  Սամցխէ-Ջաւախք այցելեց: