Նախանցեալ օր ուշ երեկոյեան յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ կապուած որոշ մանրամասնութիւններ ճշդելու եւ պարզաբանումներ կատարելու համար հանդիպում տեղի ունեցաւ Հայաստանի համաձայնական կառավարութեան երեք ուժերու՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ:
Ուշագրաւ է, որ այդ հանդիպման պատճառով յետաձգուած է Օրինաց երկիր կուսակցութեան նախանցեալ օրուան քաղաքական խորհուրդի նիստը, որ շատերուն համար վճռորոշ պիտի ըլլար: Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ցանկայ յստակացնել ընտրութիւններուն ժամանակ Օրինաց երկիր կուսակցութեան հետ աշխատելու մեքանիզմը:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան միջեւ հարցը աւելի լուրջ է: Ըստ «Երկիր»-ի հաղորդումին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ոչ մէկ ձեւով կը համաձայնի այն տարբերակին եւ ձայներու այն քանակին հետ, որ կ՛առաջարկէ Հանրապետական կուսակցութիւնը: