Ըստ Պաշտպանութեան նախարարի
«Բանակ ¬ հասարակութիւն  կապը հետզհետէ կþամրապնդուի»

Հայաստանի բանակի հիմնադրութեան տօնա  կան միջոցառումները իրենց աւարտին հասան անցնող շաբաթավերջին: Երեւանի մէջ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Ես եմ հայրենիքիս զինուորը» կարգախօսով տօնական ձեռնարկ, ներկայութեամբ ՀՀ նախագահի եւ երկրի քաղաքական-զինուորական բարձրագոյն ղեկավարութեան:


Երէկ Կիրակի օր, նախագահ Սերժ Սարգսեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց Եռաբլուրի պանդէոն: Պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Սէյրան Օհանեան, որ նոյնպէս կÿուղեկցէր նախագահին, յայտարարեց թէ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին Հայաստանի Զինուած Ուժերը պիտի շարունակեն ձեռք բերել հեռահար, գեր- ճշգրիտ սպառազինութիւն. «Մենք աւելացնում ենք մեր մարտական կարողութիւնները»: Նախարարը աւելցուց նաեւ, թէ կառավարութիւնը գերակայ խնդիր կը համարէ Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացումը, եւ այդ ուղղութեամբ քայլերը արդէն ընթացքի մէջ են:
Ըստ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի «բանակ ¬ հասարակութիւն  կապը  հետըզհետէ կþամրապնդուի»

ԼՂՀ Նախագահը Կը Շնորհաւորէ

Նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 28ին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման 20ամեակին առիթով:
Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Բանակին օրուան առնչութեամբ: Այս տարի մենք ազգովի կը տօնենք հայոց փառապանծ բանակի կազմաւորման 20ամեակը, իսկապէս ժողովրդական բանակ, որ բարդ ու հերոսական ուղի անցնելով՝ դարձաւ մեր խաղաղութեան ու անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը:
Դուք կանգնած եղած էք ՀՀ զինուած ուժերու ստեղծման ակունքներուն եւ այսօր ալ՝ իբրեւ գերագոյն հրամանատար, կ’ընէք հնարաւորը, որպէսզի անիկա ըլլայ հզօր ու մարտունակ, պատրաստ ամէն պահու՝ յաջողութեամբ կատարելու իր առջեւ դրուած խնդիրները:
Մենք հպարտ ենք, որ ունինք նման յաղթական բանակ, խիզախ ու անձնուէր զինուորներ, որոնք անմնացորդ կը ծառայեն հայրենիքին ու հարազատ ժողովուրդին:
Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ հայոց բանակի ողջ անձնակազմը՝ նուիրական տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ‘ ի փառս ազատ ու անկախ Հայաստանի եւ Արցախի, մեր ժողովուրդի պայծառ ու լուսաւոր ապագայի»:

Սփիւռքի Նախարարը Կը Գնահատէ
Սփիւռքահայերու Մասնակցութիւնը
Արցախեան Ազատագրական
Պայքարին

Հայաստանի  Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հայոց բանակի օրուան առիթով հրապարակած է շնորհաւորական խօսք, որուն մէջ անդրադարձած է Արցախեան ազատագրական պայքարին սփիւռքահայերու մասնակցութեան:
Իր խօսքին մէջ նախարար Յակոբեան ըսած է. «Կ՛ուզեմ իմ շնորհակալական խօսքս ուղղել Սփիւռքէն եկած եւ հայկական բանակին մէջ մարտնչած տղաներուն, որոնք կրցան ձգել իրենց տաքուկ անկիւնը, որոնք իրենց խաղաղ կեանքը փոխարինեցին խրամատներով, որոնք եկան, զէնք վերցուցին եւ Հայաստանի, Արցախի որդիներուն հետ միասին պաշտպանեցին մեր հայրենի հողը: Անոնց մէկ մասն ալ ինկաւ, հերոսացաւ Մայր Հայրենիքի, Մայր Հայաստանի համար. փա՛ռք ու պատի՛ւ անոնց»:

Պարգեւատրումներ

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով՝ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստեղծման 20-րդ տարեդարձին առիթով բանակաշինութեան գործին մէջ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ անձնուիրութեան համար, Հայաստանի զինեալ ուժերու խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուած են Հայաստանի շքանշաններով եւ մետալներով, ինչպէս նաեւ շարք մը զինուորականներու կոչումներ շնորհուած են:
Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց պետական պարգեւներու եւ կոչումներու արժանացածները, անոնց մաղթեց առողջութիւն, բարի ծառայութիւն եւ Հայոց բանակի մարտունակութեան անշեղ բարձրացման ուժ եւ կորով:

Կառավարութիւնը Հնարաւոր Ամէն Ինչ Պէտք Է Ընէ
Զոհուած Ազատամարտիկներուն Ծնողներուն Օգնելու Համար

Հայոց Բանակի 20 ամեակին առիթով մինչեւ ուշ շարունակուեցաւ մարդոց հոսքը դէպի Եռաբլուր զինուորկան պանթէոն: Հայրենիքի համար զոհուած ազատամարիտիկներուն գերեզմաները այցելեցին անոնց հարազատներն ու մարտական ընկերները՝ ծաղիկներ դրին եւ խունկ վառեցին անոնց շիրիմներուն վրայ:
«Մենք այստեղ ենք՝ մեր ընկերներուն գերեզմանին առջեւ խոնարհելու»,- Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սովետաշէնի N27527 զօրամասի ազատամարտիկ Մարտուն Առաքէլեան:
Մինչ ընկերներուն շիրիմին հասնելը ան նախ կը հետեւէր պաշտօնական այրերու այցին եւ ցաւով նշեց, որ այստեղ պառկած հերոսներուն հարազատները «իրաւունք չունին այդպէս ստորանալու իրենց խնդրագիրերը տեղ հասցնելու համար»:
Նախապէս, առաւօտեան, Եռաբլուր այցելութեան ժամանակ Սերժ Սարգսեանին մօտեցած էին զոհուած ազատամարտիկներու հարազատներ եւ անոր փոխանցած՝ իրենց խնդրագրերը:
«Կ’ուզէի, որ այսօրուան կառավարութիւնը հնարաւորինն ու անհնարը ընէր այս մարդոց ընտանիքններուն օգնելու համար, որպէսզի այս հերոսներուն  ծնողները չկորսնցնեն իրենց հպարտութիւնը եւ այս երկրի մէջ տէր զգան իրենց»,- ըսաւ ան:
Ազատամարտիկը պետական այրերուն կը յիշեցնէ. «դեռ պատերազմը չի վիրջացած սիրելիներս, յիշցէք, որ դեռ  մենք պայքար ունինք, ու յարկ եղած պարագային բանակի կողքին կրկին պիտի կանգնին այս տղաները»,- մատնանշելով կողքը կանգնած ընկերներուն ըսաւ ան:
Մարտուն Առաքէլեան համոզուած է, որ նոյնիսկ հասարակական այս ծանր պայմանները չեն կրնար կտրել հայու ոգին:
Երկրորդ գումարտակի զոհուած տղաներու շիրիմներուն հերթով կը մօտենար նաեւ նկարիչ Ֆելիքս Մեխակեանը: Անոնցմէ շուրջ 60ի շիրմաքարի նկարները իր ձեռքի գործն են:
«Շրջում եմ ու ամէն մէկին առանձին յիշում: Օրինակ՝  ուպռաւլենիայի Յակոբ կար, կեաժ-կեաժ, գնալուց առաջ կպել էր եախես, թէ նկարս նկարի նոր գնամ կռիւ, չհամաձայնուեցի: Գնաց մի քանի օր յետոյ զոհուեց, մինի վրայ էր ընկել»,- ըսաւ ան:
Արցախեան պատերազմին զոհուած Էդուարդ Ղարաբաղցեանի մայրը խնամքով կը մաքրէր որդիին շիրմաքարը: Տղան 1992ին զոհուած էր Լաչինի մէջ՝ 21 տարեկանին: Զոհուածին մայրը  զրոյցի ժամանակ նշեց, որ այսօր զոհուածներուն ընտանիքներուն նկատմամբ ուշադրութեան պակաս կայ, թէ նիւթական առումով, թէ հոգեպէս:
«Միայն դպրոցի ռազմագիտութեան  դասասենեակը տղուս անունով կոչած են, այդքան, մնացեալը՝ ես ու իմ կորուստս»,- ըսաւ ան:
Ան պայուսակէն  հանեց Պաշտպանութեան նախարարութեան մերժում ստացած իր նամակը, ուր կը խնդրէր նիւթական օգնութիւն:
«Քանի որ մինչեւ այդ  մեզի 10 հազար դրամ կը յատկացնէին, ըսին, որ տարուան մէջ 2րդ անգամ չեն կրնար օգնել»,- ըսաւ ան: