ԹԵՀՐԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի լեռնագնացութեան եւ լեռնային զբօսաշրջութեան դաշնութեան փոխնախագահ Սուրէն Դանիէլեան Յունուար 25ին տեղեկացուց, որ Հայաստանի լեռնագնացներու հաւաքականը մեկնած է Թեհրան՝ մասնակցելու լեռնագնացութեան միջազգային մրցումին, որ կը կայանայ Յունուար 25-28, եւ որուն կը մասնակցին 25 երկիրներէ 200 լեռնագնացներ։


Յունուար 26ին, հայ լեռնագնացները բարձրացան 4100 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ճամբար, իսկ Ուրբաթ եւ Շաբաթ վերելքը աւարտեցաւ: Ջերմաստիճանը լերան վրայ -30-40 աստիճան է, ինչ որ աւելի կը դժուարացնէ երթը:
Հայ լեռնագնացները ատակ են մասնակցելու այս մրցումին 2011ին քանի մը բարձունք, ինչպէս՝ Արարատ (5165 մ.) եւ Կազբեկ լեռները (5033 մ.) յաղթահարելէ ետք: Եօթը հոգի կազմող խումբը Տէմաւենտի             գագաթը նուաճած էր նախորդ ամրան, որմէ ետք հրաւիրուած է մասնակցելու նշեալ մրցումին: