Փետրուար ամիսը կը համարուի ղարաբաղեան շարժման խորհըրդանիշը: 1988 թուականի Փետրուար 20-ին ԼՂԻՄ մարզային խորհուրդը եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդը որոշում կայացուցին մարզը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորելու մասին: Ղարաբաղի մէջ այս օրը պաշտօնապէս կը նշուի որպէս Արցախի վերածնունդի օր։

Թաւրիզի Ազգային Առաջնորդարանէն կը հաղորդեն թէ Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ Չորեքշաբթի 15 եւ Հինգշաբթի 16 Փետրուարին, տեղի ունեցան ժողովրդային հանդիսութիւններ, աշակերտական եւ երգչախմբային ելոյթներով:

Տղմուտ գետի ափին

ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 20-ամեակին առիթով, անցնող շաբաթավերջին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ երկօրեայ միջազգային խորհրդաժողով մը իրագործուեցաւ, ուր մասնակցութիւն բերին մեծ թիւով փորձագէտներ, քննարկելու համար անցնող 20ամեակը՝ «Իրավիճակ եւ հեռանկարներ» խորագրով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ Վարդան Օսկանեան երէկ տարածեց յայտարարութիւն մը՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամակցելու մասին:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը նախորդ օրերուն տեղի ունեցած խորհրդարանական լսումներու աւարտին կարեւոր բացայայտումներ կատարեց։ Անոնք քաղաքական գործիչին թոյլ տուած էին եզրակացնելու.- «Իշխանութիւնը խոստովանեցաւ՝ մեծամասնական ընտրական համակարգը իրենց ձեռնտու է՝ իշխանութիւնը պահելու համար»