Հայ մասնագէտներ վերստին ահազանգ կը հնչեցնեն ահագնացող չափերու հասնող արտագաղթին առնչութեամբ

Լրագրողներու հետ վերջերս կայացած մամլոյ  ասուլիսի մը ընթացքին, ազգագրագէտ Աղասի Թաեւոսեան յայտնած է, որ արտագաղթի գլխաւոր պատճառը բնական արձագանգն է  երկրին մէջ վարուող տնտեսական քաղաքականութեան:

Հայաստանը կը լքէ բնակչութեան բարձր կրթութեան տիրապետող զանգուածը՝ նպաստելով այլ երկիրներու տնտեսութեան զարգացման: Թադեւոսեանի կարծիքով, անկախութենէն ի վեր իշխանութիւննները զարգացման որեւէ ծրագիր չիրագործեցին:
Ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեան, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն, կը յայտնէ, թէ քաղաքական աննպաստ կացութեան պատճառով, հաւանական է հայերու արտագաղթ սկսի: Սակայն ան միաժամանակ կը հաստատէ, թէ կը կասկածի որ անոնք Հայաստան հաստատուին: Օրինակ բերելով իրաքահայութեան պարագան՝  Եգանեան կը յայտնէ, որ Հայաստան հաստատուած է միայն 1000 իրաքահայ ընտանիք, իսկ Իրաքէն գաղթած հազարաւոր  այլ ընտանիքներ իրենց կեանքի նոր հանգրուան ընտրած են տնտեսապէս աւելի զարգացած երկիրներ:
Տնտեսական եւ կենցաղային անբարենպաստ պայմաններու բերումով, Հայաստանը լքած ու հեռացած են Ատրպէյճանէն փախստական հայերու  մեծամասնութիւնը: Հայաստան ներգաղթած 360.000 ատրպէյճանահայերէն, այսօր մնացած է 60.000-70.000-ը միայն:
Ըստ Ռուբէն Եգանեանի՝  Հայաստանի մէջ ներկայիս կÿապրի 2,8-2,9 միլիոն քաղաքացի: Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան՝ 2011 թուականի Հայաստանի բնակչութիւնը կը կազմէր 3 միլիոն 262 հազար անձ, ոչ պաշտօնական տուեալներով՝  2,5-2,7 միլիոն: 2011-ին կայացած մարդահամարի արդիւնքները, պիտի հրապարակուին Փետրուարի վերջաւորութեան: