Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Փետրուար 4ին ստորագրեց հրամանագիր, որու համաձայն, որոշ ժամանակի համար կը դադրեցուին ԼՂՀ Գերագոյն Դատարանի դատաւոր Շուրա Օհանեանի լիազօրութիւնները՝ իր դիմումին համաձայն:
Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ: