Արեւմտահայ վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանին պոլսահայերը «Սկիւտարի սոխակ» անուանումով կը կոչէին, մինչ դեռ Հայաստանի մէջ դպրոցական ծրագրի հետեւողները, Դուրեանը կը ճանչնան առաւելապէս որպէս «Լճակի» հեղինակ, որը առաջին հայեացքով դիւրին չէ, բայց յետոյ պարտադիր անգիր կը սորվիս:
Պետրոս Դուրեանի մարմինը ամփոփուած է Պոլիս, իսկ բանաստեղծի գանգի բեկորները իրենց վերջին հանգրուանը գտան Երեւանի Կոմիտասի անուան Պանթէոնէն ներս։ Գանգի վերաթաղման հարցը բարդ խնդիր էր այն առումով, որ անոր լուծման համար պահանջուեցաւ ... 43 տարի:
Պանթէոնի յուշապատին վրայ ամփոփուեցան Պետրոս Դուրեանի գանգի բեկորները:
Ինչպէս յայտնեց Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արդէն նախկին տնօրէն Հենրիկ Բախչինեանը՝ գրեթէ 20 տարի պայքարած է, որ Դուրեանի‘ թանգարանին մէջ պահուող գանգի բեկորները հողին յանձնուեն՝ Կոմիտասի անուան պանթէոնէն ներս: Ան դիմում ներկայացուցած էր անկախութենէն յետոյ ՀՀ մշակոյթի բոլոր 7 նախարարներուն, ինչպէս նաեւ գործող նախարար տիկին Յասմիկ Պօղոսեանին: Սակայն ոեւէ մէկը չէր ընդառաջած այդ դիմումին։
Դուրեանը կեանքէն հեռացաւ 20 տարեկանին՝ թոքախտէ, առանց որեւէ լուսանկար ձգելու իր ետին: Անոր ծանօթ եւ միակ «դասա¬ գրքային» լուսանկարը ստեղծուած էր‘ ըստ մօր ու քրոջ դէմքերու նմանութեան եւ բանաստեղծին ճանչցողներու յիշողութեան հիմամբ։ 1872-ին Դուրեանի մարմինը թաղուեցաւ Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ: 1960-ականներու վերջաւորութեան որոշուեցաւ գերեզմանատան տարածքէն ներս ճանապարհ կառուցել, եւ գերեզմանը տեղափոխելու խնդիր յառաջացաւ: Այդ ժամանակ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Շնորհ արքե¬ պիսկոպոս Գալուստեանը կարողացաւ ծածուկ, փարաջայի տակ թաքցնելով, Հայաստան բերել բանաստեղծի գանգը եւ յանձնել Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Առաջինին: Վեհափառն ալ իր կարգին՝ 1969 թ.-ին, գանգի բեկորները ի պահ յանձնեց թանգարանին:
Դուրեանի գանգը հողին յանձնելու հարցը 2009-ին քննարկուած էր թանգարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան մօտ. իսկ եզրակացութիւնը տրուեցաւ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ «Եթե խօսքը մասունքի մասին է, խնդիրն այդ կերպ է լուծուելու, եւ Մշակոյթի նախարարութիւնը վերաթաղումների ճանապարհով չի գնալու»: Դեռ այն ժամանակ նախարարը կþըսէր թէ «հայ ժողովուրդն աշխարհի տարբեր ծայրերում ունի բազմաթիւ հայերի շիրիմներ, կոթողներ, մշակութային այլ արժէքներ, որոնք պէտք չէ տեղաշարժել իրենց տեղերից,‘ չզրկելու այդ երկիրներին հայկական մշակութային արմատներից»:
Ակադեմիկոս, մարդաբան, գանգաբան Անդրանիկ Ճաղարեանը գանգի բեկորներու հիման վրայ վերականգնեց Դուրեանի իրական դէմքը եւ քանդակ ստեղծեց: Հենրիկ Բախչինեանը յոյս ունի, որ օր մը կարելի պիտի ըլլայ Դուրեանի պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրել Պանթէոնէն ներս, այդ կերպով ապահովելով արեւմտահայ գրականութեան ներկայութիւնը մայր հայրենիքէն ներս։