Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնին կողմէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած է Եւրոպայի համարկման նիւթով գիտաժողով մը: Ըստ զեկուցումներէն մէկուն մէջ նշուած թիւերուն՝ Եւրոպա գտնուող հայաստանցի գաղթականներուն թիւը կը կազմէ 150 հազար հոգի:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այս ամսուայ կիսուն  այցելած են հայ երեք ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերուն: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Լահա Հուսէյնովան: Անոնք նամակներ փոխանակած են Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայերուն հետ:

Խորհրդարանական քննարկումներուն զուգահեռ, խորհրդարանին առջեւ տեղի ունեցաւ նաեւ նոյն պահանջով ընդդիմութեան կազմակերպած հանրահաւաքը, որուն Ժառանգութենէն եւ Հ.Յ.Դաշնակցութենէն բացի մասնակցեցաւ նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսը:

Այսօր, Փետրուար 28ին նախատեսուած խորհրդարանական լսումներուն զուգահեռ, ՀՅԴի կողմէ ցոյց կը կազմակերպուի:

Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի Շոշ համայնքի դպրոցը թորոնթոյաբնակ  անանուն բարերարի կողմէ, որպէս ամանօրեայ նուէր, ստացած է դպրոցական նոր ինքնաշարժ մը: