Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի յաջորդ խորհրդարանին մէջ ունենալ առաւելագոյն թիւով տեղեր, եւ որեւէ քաղաքական ուժ ալ միշտ կը ձգտի ըստ կարելւոյն շատ տեղ ապահովել:


«Առաւելագոյնը 131 աթոռ է, սակայն ատիկա քիչ հաւանական է: Բայց մենք պիտի ձգտինք իսկապէս մեծամասնութեան, այլ հարց է‘ մինա՞կ, թէ՞ դաշնակիցներով: Մենք կ՛ուզենք իշխանափոխութիւն, իսկ իշխանափոխութիւն կրնայ տեղի ունենալ, եթէ ընդդիմութիւնը կարենայ իր ձայներուն քանակով որոշումներ տալ», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական գործիչը չբացառեց, որ Դաշնակցութիւնը դաշինքով մասնակցի ընտրութեան: Ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, եթէ մինչեւ հիմա Դաշնակցութիւնը մինակ մասնակցած է, չի նշանակեր, որ ատիկա կանոն է:
Անդրադառնալով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն հնչող յայտարարութիւններուն, թէ իրենք բացարձակ մեծամասնութիւն պիտի ձեւաւորեն, Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ «կ՛երեւի իրենց փոշեկուլը զօրաւոր է»:
Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց անպայման մասնակցելու ընտրութիւններուն, քանի որ չմասնակցիլը կը նշանակէ իշխանութեան թեր քուէարկել: «Բոլոր անոնք, որոնք չափէն դուրս իրենք իրենց մտաւորական կը նկատեն‘ ստորանալու համար, բոլոր անոնք, որոնք յոգնած են, հիասթափած են, բոլոր անոնք, որոնք կ՛արհամարհեն ընտրութիւնները, չեն հաւատար արդիւնքներուն, կը նկատեն, որ իրենց ձայնը անտեսուած է, բոլորին կ՛ըսեմ, որ ով որ չերթայ ընտրութեան, կը քուէարկէ իշխանութեան օգտին: Դուք ձեզի մի՛ խաբէք: Ով որ չերթայ ընտրութեան, ով որ տունը մնայ, որովհետեւ կը կարծէ, որ ինք վեհ է եւ գիրք կը գրէ, այդ մարդը կը քուէարկէ իշխանութեան օգտին, եւ մի՛ փորձէք ներկայանալ, որ դուք որոշ ճղճիմ բանավէճէն վեր կանգնած էք: Անով դուք կը քուէարկէք ի նպաստ իշխանութեան, թէ որ՛ կուսակցութեան՝ պարզ է», շեշտեց Վ. Յովհաննիսեան:

«Չկայ այսպիսի քննարկում» կ'ըսէ Ա. Ռուստամեան
«Ժառանգութիւն-Ազատ դեմոկրատներ» հնարաւոր դաշինքի մասին խօսակցութիւններու ծիրէն ներս, տարածուած էին լուրեր թէ ՀՅԴ եւս կրնայ միանալ այս երկուքի դաշինքին:
Երէկ խորհրդարանի սրահէն ներս եղած պահուն, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանին հարց տուաւ «Հրապարակ» թերթի գործակիցը, եթէ հնարաւոր է նման զարգացում:
Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց՛ «Մենք նման քննարկումներ չենք արել: Չկայ այդպիսի քննարկում, դրանք մտացածին տեղեկութիւններ են», յայտարարեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը: