ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».-«Հայկական Ժամանակ» թերթի լրագրող, թողարկման պատասխանատու Հայկ Գէորգեանը Փետրուար 3ի առաւօտեան քաղաքացիական հագուստ կրող խումբ մը անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած ու տարուած է անյայտ ուղղութեամբ:
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան աշխատակից Արմէն Մալխասեանի համաձայն, Հայկ Գէորգեան Յունուար 23էն ի վեր հետապնդուած է՝ ճանապարհային երթեւեկութեան ու փոխադրութեան վերաբերող կանոնները խախտելու եւ դէպքի վայրէն հեռանալուն համար։ Մալխասեանի համաձայն, Հայկ Գէորգեանը կալանաւորուած է: Լրագրողի փաստաբան Վահէ Գրիգորեան յայտնեց, որ զայն տեղափոխած են ոստիկանութեան Կեդրոնի բաժին, այնուհետեւ՝ «Նուբարաշէն» բանտ:
Այս գծով «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրակազմին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Իրադարձութիւնների այսօրինակ ընթացքը հիմք է տալիս արձանագրելու, որ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի առանցքային ներկայացուցչի նկատմամբ ոստիկանութեան կողմից իրականացւում է պատուիրուած հետապնդում՝ կապուած նրա լրագրողական գործունէութեան հետ»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Սոյն թուականի Յունուարի 12ի կառավարութեան նիստից յետոյ Հայկ Գէորգեանը մասնակցել է լրագրողների հետ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վովա Գասպարեանի հարցուպատասխանին, նրան առաջադրել մի քանի սուր հարցեր եւ այդ հարցուպատասխանի արդիւնքում «Հայկական Ժամանակ»ում հանդէս եկել Վովա Գասպարեանի համար խայտառակ բովանդակութիւն ունեցող հրապարակմամբ: Հրապարակման խայտառակ բնոյթը, սակայն, պայմանաւորուած է ոչ թէ լրագրողի կանխատրամադրուածութեամբ, այլ Հայաստանի ոստիկանութեան պետի հետ կապուած մի քանի ուղիղ, լրագրողական մեկնաբանութեան չտրուած փաստերի արձանագրմամբ», նշուած է թերթին տարածած յայտարարութեան մէջ, ըստ որուն, յօդուածի հրապարակման լոյսընծայման օրը՝ երեկոյեան, փորձուած է արկածի ենթարկել Հայկ Գէորգեանի վարած ինքնաշարժը: