Հայաստանի կառավարութիւնը Փետրուար 9ին կայացած նիստին մերժեց հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի որդեգրումը, որ ՀՅԴ եւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւններու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն էր:


Նիստէն ետք լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին ընթացքին արդարադատութեան փոխ նախարար Գրիգոր Մուրադեան պարզաբանեց, որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ ընտրակարգը կ՛որոշուի ոչ թէ ըստ այն հանգամանքին, թէ համամասնակա՞նը պէտք է հարիւր տոկոս ըլլայ, թէ մեծամասնականը, այլ՝ թէ այդ երկրին մէջ ինչպիսի՞ անհրաժեշտութիւն կայ: Նախագիծին ընդունումը, ըստ փոխ նախարարին, ժամանակավրէպ է, քանի որ ընտրական գործընթացները,ըստ էութեան, արդէն մեկնարկած են, եւ այս անցումը կրնայ պարզապէս խոչընդոտել զանոնք։
Անոր համաձայն, ընտրակարգը ոչ մէկ ձեւով անդրադարձ կրնայ ունենալ ընտրական գործընթացին վրայ: «Ըստ էութեան, ո՛չ մեծամասնական, ո՛չ համամասնական ընտրակարգը ինքնին չեն երաշխաւորում ընտրութիւնների գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը եւ ընտրուելու իրաւունքի կենսագործումը: Ոչ թէ ընտրակարգն է սա ապահովում, այլ ընտ- րական գործընթացների կազմակերպումը՝ արդարութեան պահանջների, շանսերի հաւասարութեան պահպանման, ընտրարշաւի ընթացքում պատշաճ հնարաւորութիւնների երաշխաւորման եւ այլ երաշխիքների ապահովման միջոցով», նշեց ան: Արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալը նաեւ անդրադարձաւ մեծամասնական ընտրակարգի անհրաժեշտութեան՝ նշելով, թէ ներկայիս անիկա ունակ է որոշ կապ ապահովելու պատգամաւորին եւ տարածքի բնակչութեան միջեւ, ինչ որ զուտ կուսակցութիւններու պարագային այնքան ալ կարելի չէ, որովհետեւ այնտեղ խօսքը համապետական ծաւալով հանրութեան շահերու ներկայացման մասին է, ոչ թէ՝ յստակ տարածքի յստակ շահերու ներկայացման: Այս պարագային համամասնական եւ մեծամասնական ընտրակարգերու զուգակցումը եւ մեծամասնականի պահպանումը արդարացուած է:
Անդրադառնալով ընդդիմախօսներու այն արտայայտութիւններուն, որ մեծամասնականով կեղծիքներ ընելու կարելիութիւնները աւելի մեծ է, Գրիգոր Մուրադեան ըսաւ, որ ընտրակարգի եւ ենթադրեալ կամ իրական կեղծիքներու միջեւ որեւէ կապ չի կրնար ըլլալ:
Ինչ կը վերաբերի այն պնդումներուն, թէ մեծամասնական ընտրակարգով առաւելապէս կրնան ընտրուիլ գործարար շահեր ներկայացնող անձեր՝ Մուրադեան յայտնեց, որ ատիկա չի բացառուիր նաեւ համամասնական ընտրակարգի պարագային, երբ գործարարները պարզապէս կրնան ընդգրկուիլ կուսակցութիւններու ցանկերուն վրայ։

Կրկին Խայտառակութիւն՝ Ազգային Ժողովի Նիստին

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայաստանի Ազգային ժողովի Փետրուար 9ի նիստին տեղի ունեցած հերթական քուէարկութեան ատեն քուէներու անհրաժեշտ թիւ պիտի չհաւաքուէր, եթէ  միախառն կառավարութեան պատգամաւորները չդիմէին աւանդական դարձած եղանակներուն. ոմանք պարբերաբար դուրս կու գային նիստերու դահլիճէն եւ կը փորձէին պատգամաւոր բերել դահլիճ, ոմանք ալ կը քուէարկէին իրենց կողքիններուն փոխարէն:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Լարիսա Ալաւերդեան թէեւ  նշեց, որ պարզ աչքով անգամ կ՛երեւի, որ ժողովասրահին մէջ անհրաժեշտ թիւը չկայ, բայց ԱԺ փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով հակադարձեց՝ ըսելով, թէ ժողովը հաշուիչ յանձնաժողով չէ:
Երբ որոշ օրինագիծերու քուէարկութեան ժամանակ ակնյայտ կ՛երեւէր, որ անհրաժեշտ թիւը չապահովուիր, կը պարզուէր, որ ոմանց կոճակները չեն աշխատիր, եւ «չքուէարկածները» կը քուէարկէին՝ ձեռք բարձրացնելով: Քուէ ապահովելու համար Նիկոյեան նոյնիսկ կ՛աւելցնէր լուսատախտակին վրայ նշուած թիւը:
«Ստացւում է այստեղ երկու գլխանի մարդիկ կան», նշեց Ալաւերդեան եւ աւելցուց, որ  նման պայմաններու մէջ նոյնիսկ վարքի յանձնաժողովի գոյութիւնը կը վարկաբեկուի։ Ան օրինակ տուաւ Արեգ Ղուկասեանը, որ իր աչքին առջեւ կը քուէարկէր նաեւ կողքինին փոխարէն:
Իր հերթին, Հեղինէ Բիշարեան, որ նոր եկած էր դահլիճ, նշեց, թէ խմբակցութենէն ներկայ մէկ պատգամաւորը իրաւունք չունի քննադատելու միւսները:
Արեգ Ղուկասեան՝ վիրաւորուած Ալաւերդեանի ըսածէն, նշեց. «Ես համարում եմ, որ մեր դահլիճում կան զրօ գլխանի մարդիկ, ովքեր, դահլիճում նստած, չեն քուէարկում»: Բորբոքուած Լարիսա Ալաւերդեան թէեւ կը բղաւէր՝ «ամօթ է, ամօթ է», բայց ոմանց վրայ ատիկա ազդեցութիւն չունեցաւ, որովհետեւ անոնք կը շարունակէին քուէարկել կողքիններուն փոխարէն:
Հակառակ անոր որ լրագրողներուն տեսախցիկները նկարած էին բոլոր օրինագիծերու քուէարկութեան ժամանակ ՀՀԿի որոշ պատգամաւորներու քուէարկութիւնը այլ պատգամաւորներու փոխարէն եւս, բայց եւ այնպէս նիստի աւարտին անոնք անմեղօրէն կը նայէին լրագրողներու աչքերուն։
Հերմինէ Նաղդալեան նշեց, թէ պարզապէս իր կոճակը չէր աշխատեր, իսկ նստած էր Դաւիթ Յարութիւնեանի կողքին, որովհետեւ «խօսալու բան ունէին», եւ ինքը պարզապէս ձեռքը երկարած էր իր կոճակին: «Բայց ես այսքան ժամանակ խորհրդարանում եմ եւ նման բան երբեք չեմ արել», նշեց ան:

 

ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ Կ՛ԱՐԾԱՐԾԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՐՑԸ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Ազգային ժողովին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ կառավարութեան ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ մեր ամէնէն փայլուն գաղութներէն մէկը՝ Սուրիոյ հայկական գաղութը, շատ լուրջ վտանգի տակ կը գտնուի եւ վտանգը խաժամուժն է, որ այսպիսի իրավիճակներուն ընթացքին գլուխ պիտի բարձրացնէ եւ արդէն բարձրացուցած է: Ան նշեց, որ թէեւ հարցը քանի մը երես ունի, բայց իրեն ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ այն, որ հայրենի կառավարութիւնը արդեօք որեւէ ծրագիր ունի՞ իրավիճակի կտրուկ վատթարացման պարագային օգնութեան  ձեռք մեկնելու համար:
Պատասխանելով  հարցու- մին՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան վստահեցուց, որ հարցը կը գտնուի կառա- վարութեան ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եւ իրենք կ՛աշխատին համայնքին հետ: «Բնականաբար, նախ եւ առաջ մեզ կը մտահոգէ համայնքի ապահովութեան խնդիրը: Կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել, որ կարելի բոլոր միջոցները կ՛օգտագործենք Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար», ընդգծեց վարչապետ Սարգսեան: