Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Ռոլան Քոպիա Չորեքշաբթի, Փետրուար 8ին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման բանակցային հոլովոյթը արագացնելու եւ դիւրացնելու նպատակով՝ նոր գաղափարներով հանդէս գալու։

Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ. լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քոփիա ըսած է թէ «Առաջին հերթին, Եւրոպական Միութեան մօտեցումը ուղղուած է քաղաքացիներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ հակամարտող կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման»:
Ըստ Քոպիայի, Եւրոպական Միութեան առաջարկները տակաւին կը քննարկուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն կողմէ, եւ շուտով պիտի ներկայացուին լայն հասարակութեան։
Ըստ պատուիրակին, աշխոյժ դեր խաղալու ԵՄի մտադրութիւնը հաստատած էր նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին գործոց յանձնակատար Քաթրին Աշթըն: