ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ ձիւնհալի պատճառով գոյացած են լճակներ, իսկ գիրքերը անդառնալի կորուստէ փրկելու աշխատանքին կ՛օժանդակեն յատկապէս գրադարանի այցելուները, որոնց Փետրուար 29ին միացած են նաեւ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցները:

Բարձրաստիճան հանդիպումներ՝  եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի պաշտօնատարներու հետ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Պրիւքսել կը մեկնի աշխատանքային այցելութեամբ:
Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահը պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ - Հայաստան նիստին եւ ելոյթ պիտի ունենայ Քոնրատ Ատենաուրի հիմնադրամին մէջ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցնող շաբաթավերջին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա), Ռոպերթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող  նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը
Պոյքոթի Ենթարկեց Քուէարկութիւնը

Երէկ կայացած նիստին ընթացքին, խորհրդարանի անդամները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին 1 Մարտի դէպքերու զոհերուն յիշատակը:
Ապա Հայաստանի խորհրդարանը քննարկեց «Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգագիճակի մասին» օրինագիծը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգ կը հանդիսանայ ատրպէյճանական կողմի՝ Խոջալուի դէպքերուն հետ կապուած անդադար հնչող անհիմն շահարկումներուն: