«Տեառնընդառաջ»ի կամ «Տէրընդեզ»ի (Տէրն ընդ ձեզ) տօնի նախաշեմին, քահանայ եւ ազգագրագէտներ լրագրողներու հետ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ, ներկայացնելով տօնի քրիստոնէական եւ հեթանոսական կողմերը:
Տէր Նիկողոս քահանայ Յովհաննիսեան ներկայացնելով տօնի եկեղեցական նշանակութիւնը՝ նշեց, որ «Տեառնընդառաջ»ը քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայելու օրն է, զոր Հայ առաքելական եկեղեցին կը տօնէ անխախտ՝ Փետրուար 13-14ը:
«Երբ լրանում է Յիսուսի ծննդեան քառասուն օրը, Յովսէփն ու Մարիամը նրան տանում են Աստծոյ տաճար: Փոքրիկ Յիսուսին տեսնելով՝ նրան ընդառաջ է գալիս Սիմոն անունով մի ծերունի: Այստեղից էլ առաջացել է «Տեառնընդառաջ»ը, որ կը նշանակէ տիրոջն ընդառաջ գնալ»,- ըսաւ ան:
Քահանան նաեւ նշեց, որ Փետրուար 14ը նորապսակներու օրհնութեան օրն է: Ան յիշեցուց, որ Տեառնընդառաջը, զոր կը տօնէ եկեղեցին, կապուած չէ որեւէ հեթանոսական տօնի հետ: Ըստ անոր՝ ուղղակի եղեկեցին ըլլալով ազգային՝ վերցուցած է նաեւ ազգային սովորոյթները, որոնց շարքին է նաեւ բակերու մէջ խարոյկ վառելը, որ Քրիստոսի լոյսով մաքրարգործուելու խորհուրդն է:
Հոգեւորականի խօսքով, ըստ եկեղեցական արարողակարգի, Յունուար 13ին քահանան կը կատարէ անդաստանի արարողութիւն, կ’օրհնուի երկրի չորս կողմերը, որպէսզի տարին արագասաբեր ըլլայ, ապա տեղի կ’ունենայ նախատօնի ժամերգութիւն, որմէ ետք բակերու մէջ կրակ կը վառի, իսկ կրակը մոմերով տուն տանելով՝ հաւատացեալները Քրիստոսի լոյսը կը տանին իրենց օճախները:
«Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման ու պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան քարտուղար Վահէ Անթանեսեան այս բոլորին զուգահեռ աւելցուց, որ մեր բոլոր տօները ունին աւելի խոր ամրատներ, քան քրիստոնէութիւնն է: Ըստ ազգագրագէտի՝ «Տեառնընդառաջ»ի տօնը մեր մօտ նշուած է դեռ բնապաշտական ժամանակաշրջանէն եւ առնչուած է Տիրի եւ Վահագնի պաշտանմունքի հետ: Իսկ տօնի բաղադրիչ մասը եղած է խարոյկը, զոր հեթանոս հայերը վերագրած են մաքրագործող յատկութիւն:
«Խարոյկի վրայով թռչում էին չբեր կանայք, որպէսզի երեխայ ունենան, Վահագնի նման արու զաւակ, թռչում էին նաեւ երեխաները, որ առողջ լինեն, տղաները, որ ուժեղ լինեն, բոլոր հիւանդները նոյնպէս ակնկալում էին, որ կրակը կը բուժի իրենց»,- ըսաւ ան:
Ազգագրագէտը նշեց, որ խարոյկը վառած են միմիայն ցորենի հասկերով, իսկ վերջը մոխիրը շախ տուած այգիներու, տուներու, գոմերու մէջ, որպէսզի տարին բերքառատ ու արգասաբեր ըլլայ:
Վահէ Անթանեսեան նաեւ նշեց, որ եթէ «Ծաղկազարդ»ը կը համարուի աղջիկներու տօն, ապա «Տեառնընդառաջ»ը փեսաներու համար է:
http://www.tert.am/hy/news/2012/02/11/ethnographer/