17 Յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Սպանիա այցելութիւնը:

Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ, զօր. Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իտալիոյ մէջ կը քննարկէ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ իրականացուող գործողութեան հայ խաղաղապահներու մասնակցութեան հարցերը:

Յունիս 17-ին Ֆրանսայի սփիւռքի հարցերու լիազօր նախարար Էլեն Կոնվեյ-Մուղէի հրաւէրով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը մասնակցեցաւ Ֆրանսայի մէջ կայացած   «Արտերկիր հաստատուած ազգային համայնքներուն նուիրուած նախարարական համաժողովին»,

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա ջնջած է Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարելիք իր աշխատանքային այցը», գրած են ուքրանական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալները:

Յունիս 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու՝ Հայաստան ճանաչողական այցելութիւններու «Արի տուն» ծրագրի 2013թ առաջին փուլի բացումը: