
Յունիս 17-ին Ֆրանսայի սփիւռքի հարցերու լիազօր նախարար Էլեն Կոնվեյ-Մուղէի հրաւէրով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը մասնակցեցաւ Ֆրանսայի մէջ կայացած «Արտերկիր հաստատուած ազգային համայնքներուն նուիրուած նախարարական համաժողովին»,
ուր մասնակցած սփիւռքի հարցերով լիազօրուած նախարարները քըննարկեցին իրենց երկիրներու քաղաքական, տնտեսական կեանքէն ներս սփիւռքի ներգրաւուածութեան աստիճանը, հայրենիքի մէջ անոնց ընտրելու իրաւունքին, ու համապատասխան օրէնըս- դրութեան բարելաւման կապուած հարցեր:
Նոյն ժողովին կը մասնակցէր Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Գոնսթանտինոս Ցիարաս: Տիկին Հրանուշ Յակոբեան առիթը ունեցաւ հանդիպում ունենալու եւ զրուցելու պրն. Ցիարասի, ինչպէս նաեւ Խրուաթիոյ, Վիեթնամի, Մեքսիքոյի պատասխանատու նախարարներուն հետ:
ՀՀ նախարարը այնուհետեւ մեկնեցաւ Մերսէյլ, ուր մասնակցեցաւ հոն կազմակերպուած ելոյթներու շարքի մը: