ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ պիտի գործէ «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիր:

«Եռագոյն» կայքէջը այս մասին տեղեկութիւն քաղած է համալսարանի կայքէջէն:

Ծրագիրի ընդունելութիւնը սկսած է 20 Մայիսին: Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը՝ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կը յայտարարէ, որ կ՛ընդունի նաեւ սփիւռքահայ դիմորդներ:

Յայտարարութեան համաձայն, մուտքի քննութիւնը յաջողութեամբ յանձնած սփիւռքահայ դիմորդները պիտի ուսանին պետական պատուէրով՝ անվճար:

Դասաւանդուելիք նիւթերը պիտի վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմագիտական, ընկերային-հոգեբանական, միջազգային իրաւունքի, միջազգային յարաբերութիւններու, մշակութաբանութեան, լեզուագիտական ոլորտներուն: Մանրամասնութիւններուն համար կարելի է գրել This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. հասցէին։