Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ, զօր. Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իտալիոյ մէջ կը քննարկէ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ իրականացուող գործողութեան հայ խաղաղապահներու մասնակցութեան հարցերը:
Պատուիրակութիւնը եռօրեայ այցելութեամբ Իտալիա մեկնած է 16 Յունիսին:
Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդած էինք Լիբանանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատար երկիր Իտալիան պաշտօնապէս դիմած էր Հայաստանին՝ առաքելութեան կազմին մէջ հայկական զօրախումբ ընդգրկելու առաջարկով: