17 Յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Սպանիա այցելութիւնը:

Մատրիտի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան նախ հանդիպում ունեցաւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Կարսիա-Մարկալիոյի հետ: Շնորհակալութիւն յայտնելով իր սպանացի գործընկերոջ Մատրիտ այցելելու հրաւէրին համար՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, որ հայ-սպանական յարաբերութիւնները փոխադարձ բարեկամութեան դրսեւորումներով դարերու պատմութիւն ունին, ինչ որ լաւ հիմք կը հանդիսանայ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման համար: Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը գործուն քայլեր ձեռնարկելու տարբեր մարզերու մէջ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ խորացնելու նպատակով:

Նախարարներ Նալբանդեան եւ Կարսիա-Մարկալիօ բովանդակալից զրոյց ունեցան տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ուղիներուն, միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութեան, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան, մշակութային փոխանակումներու խթանման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակեցին միջազգային օրակարգի խնդիրներուն շուրջ:

Նախարարները համաձայնութիւն ձեռք բերին քայլեր ձեռնարկելու իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման նպատակով: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Երեւանի մէջ Սպանիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հիմնումը: Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարին խնդրանքով Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:

Նախարար Կարսիա-Մարկալիօ տեղեկացուց տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ իր երկրին իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող քայլերը:

Երկու նախարարները միտքեր փոխանակեցին սուրիական տագնապի լուծման ուղիներուն եւ այդ ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ:

Նախարար Կարսիա-Մարկալիօ ընդունեց նախարար Նալբանդեանի՝ Երեւան փոխադարձ այցելութիւն կատարելու հրաւէրը:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի եւ Սպանիոյ միջեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը»:

Համաձայնագիրով նախատեսուած են երկու պետութիւններու պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ գիրքերու հրապարակումներ, մատենագիտական նիւթերու փոխանակումներ, համագործակցութեան զարգացում երաժշտութեան, բեմական արուեստի, թատրոնի, օփերայի, պալէի եւ այլ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ դերասանական խումբերու եւ մենակատարներու փոխանակումներ:

Սոյն փաստաթուղթով կողմերը պարտաւորուած են կարելիութիւն ընձեռել հայ եւ սպանացի քաղաքացիներուն մուտք ունենալ պետական գրադարաններ, արխիւներ եւ այլ մշակութային, կրթական եւ գիտական հաստատութիւններ:

Կը նախատեսուի համագործակցութիւն հաստատել երկու պետութիւններու գիտնականներուն, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն, գիտական, մշակութային հաստատութիւններուն եւ գիտական-հետազօտական կեդրոններուն միջեւ, օժանդակել դասագիրքերու եւ այլ ուսումնական նիւթերու փոխանակման, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, ընկերային-տնտեսական զարգացման մարզերուն մէջ:

Նոյն օրը նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Սպանիոյ Ծերակոյտի նախագահ Փիօ Կարսիա Էսքուտերօ-Մարքեսի եւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ալեխանտրօ Մունիոս Ալոնսոյի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-սպանական յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներուն մէջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան: