Հայաստանի մէջ արդէն կը խօսուի շատ կարեւոր՝ օդային փոխադրումներու բնագաւառը ազատականացնելու եւ ազգային երեք փոխադրողներ ունենալու մասին: Բնագաւառի ազատականացման շնորհիւ կը նուազի նաեւ օդանաւի տոմսերուն արժէքը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ տեղի ունեցած «Ութեակի խմբակ»ի գերաստիճանին մասնակցող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարները Երեքշաբթի, Յունիս 18ին Արցախի հարցով համատեղ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան:

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ պիտի գործէ «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիր:

Ֆրանսա այցելած Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն հետ ու քննարկած անոր գործունէութեան ուղղութիւնները եւ բնագաւառները:

Փլասիտօ Տոմինկոյի նախագահութեամբ Աթէնքի մէջ գումարուած Europa Nostra-ի ընթացքին հաստատուեցաւ թէ՝ Մարտինի Ս. Գէորգ Հայկական Եկեղեցին Եւրոպայի Ամենավտանգուած Յուշարձաններէն Է

Աթէնքի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կայացած «Եուրոփա Նոսթրա» կազմակերպութեան 50ամեակի յոբելենական հաւաքին առիթով հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին,