ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լիչը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆֆըրնը այցելած են Ամուլսարի հանքավայր եւ շրջակայ գիւղերէն երկուքը՝ Գորայք եւ Գնդեվազ:

Գիւմրին պաշտօնապէս հռչակուեցաւ 2013ի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք: Որոշումը ընդունուած էր տարի մը առաջ՝ Աշխապատի մէջ կայացած ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Մարտակերտ եւ մասնակցեցաւ քաղաքի ազատագրման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան 26 Յունիսին «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ ներքին լարուածութիւնը երբեք այնքան սուր չէ եղած, որքան այսօր:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Իւնիքոմփ» ընկերութիւնը Intel-ի հիման վրայ կը կազմէ դպրոցականներու համար նախատեսուած անհատական համակարգիչներ՝ Classmate PC-ներ: Այդ մասին «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Գրիգոր Բարսեղեանը: