Հայաստանի մէջ արդէն կը խօսուի շատ կարեւոր՝ օդային փոխադրումներու բնագաւառը ազատականացնելու եւ ազգային երեք փոխադրողներ ունենալու մասին: Բնագաւառի ազատականացման շնորհիւ կը նուազի նաեւ օդանաւի տոմսերուն արժէքը:

Օդուղիներու բնագաւառի վերաբերեալ վերը նշուած դիտարկումը կատարած է Հանրային խորհուրդի աւիացիայի (օդանաւորդութեան) ենթայանձնաժողովի անդամ Լեւոն Ղազարեանը: Այս մասին կը հաղորդէ yerkirmedia.am-ը: Բանախօսին հաւաստիացումով՝ «Արմաւիա»-ի մենաշնորհային դիրքը թոյլ չէր տար, որ օդանաւի տոմսի արժէքը նուազէր: Ան ազգային նոր օդուղիներու ընկերութիւններու հաւանական ցանկին մէջ նշեց «Էյր Արմէնիա», «Հայկական միջազգային օդուղիներ» ընկերութիւնները, որոնք ունին թռիչքներ կազմակերպելու փորձառութիւն:

Ըստ Լեւոն Ղազարեանի նախ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութիւնը պիտի յայտարարէ մրցոյթ, իսկ երբ ընկերութիւնները հաստատուին, անոնք պէտք է արհեստավարժ հզօրացման ենթարկել, քանի մը անհրաժեշտ քայլերը պէտք է կատարուին, ապա յաջորդ տարուան կէսերէն հազիւ կարելի պիտի դառնայ թռիչքները իրականացնել:

Բանախօսը համոզուած է, որ հայկական օդային ընկերութիւնները մրցունակ են արտասահմանեաններու հետ: Ըստ անոր, եթէ երեք տեղական ընկերութիւններ ըլլան, տոմսերը կը վերադառնան իրենց հին մակարդակին: Յանձնաժողովի անդամը չբացառեց նաեւ հնարաւոր վտանգները:

“«Ի հարկէ կան նաեւ որոշակի ռիսկեր: Այն ընկերութիւնները, որոնք պիտի չկարողանան իրականացնել իրենց առջեւ դրուած խնդիրները` դուրս պիտի մնան շուկայից», նշեց Հանրային խորհուրդի աւիացիայի ենթայանձնաժողովի անդամ Լեւոն Ղազարեանը: