Երեւանի աւագանիի երէկուան նիստին ընթացքին կայացաւ մայրաքաղաքի վերընտրուած քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը: Նիստին ներկայ էին աւագանիի 59 անդամները, բացի «Բարեւ Երեւան» դաշինքի ներկայացուցիչներէն:
Հանդիսաւոր յատուկ նիստին մասնակցեցան նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, պետական եւ այլ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ, զօրավար Էնրիքօ Ապրիամովի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էր Լեռնային Ղարա

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ստեփանակերտ եւ Երեւան իր կեցութեան օրերուն, երաժշտական մեծագոյն օփերաներու մէջ հռչակի արժանացած սոփրանօ Մոնսէրաթ Քապայէ, առիթը ունեցած է մօտէն շփուելու հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ հանրութեան հետ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է երգչուհին, որուն շնորհակալութիւն յայտնած է, որովհետեւ, հակառակ ամէն տեսակ

Հայաստանի մէջ ստեղծուած է աշխարհի առաջին պաս քանոն երաժշտական գործիքը: Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է երաժիշտ Արա Գէորգեանը: Գաղափարը ծագած է տարիներ առաջ, երբ քանոնահարուհի Յասմիկ Լէյլոյեանի հետ կը պատրաստէին ստեղծագործութիւն մը՝ 50 քանոնով: «Զգացի, որ ինչ որ բան պակասում է այդ ստեղծագործութեանը, չկար բասային ֆունկցիան», նշած է Գէորգեան՝

Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ  բացումը կատարուած է աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Բարեւ ձեզ» խորագիրը:
Ասկէ առաջ, Երեւանի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրուած են Կիւլէրի լուսանկարները, բայց այս անգամ՝ հանրածանօթ լուսանկարիչը անձամբ ներկայ