Օտեսայի մէջ անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած է Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 28-րդ հանդիպումը, որուն ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վեց ամիս ժամկէտով՝ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր ստանձնած է կազմակերպութեան նախագահութիւնը 

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին որոշումով Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխ նախարար:

Համաձայն վիճակագրական պաշտօնական տուեալներու՝ ընթացիկ 2013 թուականի առաջին չորս ամիսներուն օդային ճանապարհով Հայաստանէն մեկնողներու թիւը 15 հազարով կը գերազանցէ անցեալ տարուան նոյն ամիսներուն ճամբորդածներու քանակը։

Ժընեւի մէջ աւարտեց իր աշխատանքները գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան կողմէ գումարուած խորհրդաժողովը, որ նուիրուած էր «Գաղթականութեան շուրջ միջազգային երկխօսութեան» նիւթին:

Նոյն հարցի մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար էդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկած է մեկնաբանութեամբ: Ըստ panarmenian.net-ի՝ նախարարը մասնաւորապէս ըսած է.