Օտեսայի մէջ անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած է Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 28-րդ հանդիպումը, որուն ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վեց ամիս ժամկէտով՝ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր ստանձնած է կազմակերպութեան նախագահութիւնը 

Նախարարական հանդիպման ընթացքին իր ելոյթին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը կը թեւակոխէ իր գործունէութեան 22-րդ տարին՝   տնտեսական համագործակցութեան նոր օրակարգով:

Նախարար Նալբանդեան արձանագրած է, որ Հայաստան գործօն քայլեր կ’իրականացնէ կազմակերպութեան նոր օրակարգը կեանքի կոչելու եւ շրջանին մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը խթանելու ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը առանձնացուցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ ընդունուած փաստաթուղթերու դրոյթներու պատշաճ կատարումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան աշխատանքային խումբերու օրակարգերու արդիականացման անհրաժեշտութիւնը:

Նախարարը կարեւոր նկատած է միջազգային կազմակերպութիւններու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան յարակից մարմիններու, դէտերու եւ բնագաւառային երկխօսութեան գործընկերներու հետ համագործակցութեան զարգացման, կազմակերպութեան քարտուղարութեան բարեփոխումներու եւ հաւասար ներկայացուածութեան սկզբունքի կիրառման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ընդունուած են կազմակերպութեան գործունէութեան առնչուող շարք մը որոշումներ:

Ստանձնելով Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան նախագահութիւնը՝ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան շեշտած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ սեւծովեան շրջանին մէջ տնտեսական համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ յաւելեալ ջանքերու ներդրումը, կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ անոր հեղինակութեան կարեւոր ամրապնդումը: