Նոյն հարցի մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար էդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկած է մեկնաբանութեամբ: Ըստ panarmenian.net-ի՝ նախարարը մասնաւորապէս ըսած է.
«էնիսկիլէնի մէջ համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերաբերեալ այսօր կատարուած համատեղ յայտարարութիւնը արդէն հինգերորդն է: Մենք բարձր կը գնահատենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու‘ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարներու շարունակական ջանքերը ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման: Հայաստանը՝ համանախագահ երկիրներու հետ միասնական եւ վճռական է հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը հասնելու նպատակով:
«Ինչպէս եւ Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը եւ Ֆրանսան, մենք եւս կÿափսոսանք, որ համաձայնութեան ձեռքբերման փոխարէն, Պաքուի միակողմանի առաւելութիւն կորզելու փորձերուն պատճառով՝ հնարաւորութիւն չընձեռուեցաւ յառաջընթաց արձանագրել 2011-ի Յունիսին Կազանի, 2011-ի Մարտին Սոչիի, 2010-ի Հոկտեմբերին Աստրախանի, 2010-ի Յունիսին Ս. Փեթերզպուրկի գագաթնաժողովներուն: Հայաստանը կը կիսէ եռանախագահներու մօտեցումը, որ անթոյլատրելի է խաղաղ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու շուրջ շրջանակային պայմանաւորուածութեան ձեռք բերման ձգձգումը:
«Ինչպէս եւ եռանախագահները, մենք կը շարունակենք վստահ ըլլալ, որ վերջին չորս տարիներու ընթացքին եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած դրոյթները կրնան հիմք հանդիսանալ հիմնախնդրի արդար եւ տեւական խաղաղ կարգաւորման համար եւ, որ այդ դրոյթները պէտք է դիտարկուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, եւ անոնցմէ որեւէ մէկուն միւսի նկատմամբ գերակայութիւն տալու փորձերը անհնարին կը դարձնեն հիմնախնդրի կարգաւորումը:
«Միանգամայն համաձայն ենք, որ ժողովուրդները պէտք է պատրաստել խաղաղութեան, այլ ոչ՝ պատերազմի: Ցաւօք, մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հակառակը կ'ընէ: Մենք լիովին համամիտ ենք համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն հետ, որ ուժի կիրառումը չի կրնար յանգեցնել հակամարտութեան կարգաւորման եւ որ միայն բանակցութիւններու միջոցով կարելի է հասնիլ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, ինչ որ նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ զարգացման համար:
«Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, որ առիթ կամ անառիթ յղում կÿընէ միջազգային իրաւունքի միայն մէկ սկզբունքին, Հայաստանը բազմիցս արտայայտած է եւ ի պատասխան Էնիսկիլէնի մէջ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Պարաք Օպամայի եւ Ֆրանսուայ Օլանտի կոչին, եւս մէկ անգամ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը առ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, մասնաւորապէս ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման, եւ տարածքային ամբողջականութեան:
«Հակառակ սադրիչ հռետորաբանութիւնէնեւ գործողութիւններէն զերծ մնալու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերուն, Ատրպէյճանը կը շարունակէ իր ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ սադրանքները Արցախի հետ շփման գիծին եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ, մարդասպաններու հերոսացումը եւ խաղաղութեան կոչ ընողներու հետապնդումները, այլատեացութեան, անհանդուրժողականութեան եւ թշնամանքի քարոզչութիւնը, որ յանգեցնէ տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի սրման եւ լարուածութեան աճին: