Չափարը Արցախի հնագոյն բնակավայրերէն է: Գիւղի պատմամշակութային կոթողներէն առաւել յայտնի են Հակառակաբերդ ամրոցն ու Կարմիր եկեղեցին: Չափարի մէջ 2012-ին Հիմնադրամի կառուցած շուրջ 4քմ երկարութեամբ ջրատարի շնորհիւ՝ համայնքի 300-է աւելի բնակիչները ապահովուած են խմելու ջուրով:

Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մէջ սկիզբ առած հենտպոլի «Չելէյնճ Թրոֆի» մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 33-17 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Էսթոնիայէն:

ՄԱԿ-ի (United Nations) տուալներուն համաձայն՝ 2050-ին Վրաստանի բնակչութիւնը պիտի կրճատուի 28%-ով: Նոյն ժամանակահատուածին, Ատրպէյճանի բնակչութիւնը կ'աճի 34%-ով, իսկ Հայաստանի բնակչութիւնը՝ 6%-ով:

Երէկ ժամը 13:10-ի սահմաններուն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ՝

ՄԱԿի գլխաւոր 

վեհաժողովի մէջ Ուքրանիոյ հարցի քննարկման առիթով

ՄԱԿի գլխաւոր վեհաժողովին մօտ, այսօր կը ներկայացուի Խրիմի մէջ հանրաքուէն անվաւեր հռչակելու մասին բանաձեւ մը: