Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Քեսապի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Լա Հէյի համաժողովներու կեդրոնատեղիէն ներս հանդէս եկաւ մամուլի համար յայտարարութեամբ։

Նախագահը իր խորին մտահոգութիւնը յայտնած է Քեսապի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու կապակցութեամբ նշելով թէ ՝ «Մենք բոլորս շատ լաւ ենք յիշում Քեսապի պատմութիւնը, որը վերջին հարիւրամեակի ընթացքում, ցաւոք, հարուստ է հայերի տեղահանման դժոխային իրողութիւններով»:

Հանրապետութեան նախագահը յիշեցուցած է, որ առաջին ծանր պատուհասը Քեսապի շրջանի համար դեռ եւս 1909 թուականին էր, երբ Ապրիլին թրքական զինուած ջոկատները ներխուժեցին Քեսապ։ Հայերը ապաստանեցան Գարատուրանի լեռներուն վրայ ու ծովեզերքին։ Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ յետոյ թուրքերը ուղղուեցին դէպի Գարատուրան, այրեցին ու կողոպտեցին վերին թաղի տուները։ Հայերը ֆրանսական փոխադրանաւով տեղափոխուեցան Լաթաքիա։ Գաղթականները մօտ մէկ տարի Լաթաքիա մնալէ յետոյ վերադարձան Քեսապ եւ վերակառուցեցին իրենց տուները։
Պատմական իրողութիւններուն անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանը յիշատակած է նաեւ մէկ այլ տարեթիւ՝ 1915 թուականը, երբ Հայոց ցեղասպանութեան գաղթէն ու աքսորներէն անմասն չմնաց Քեսապի բնակչութիւնը։ Քեսապցիները աքսորուեցան երկու ուղղութեամբ՝ դէպի Տէր Զօր եւ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Յորդանան։ Հազարաւոր քեսապահայեր զոհւեցան, մեծամասնութիւնը՝ Տէր Զօրի անապատներուն վրայ։
«Քեսապի հայերի այսօրուայ թիւով արդէն երրորդ տեղահանութիւնը ազգային փոքրամասնութիւնների պաշտպանութեան 21-րդ դարի մեխանիզմներին նետուած լրջագոյն մարտահրաւէր է: Կարծում եմ՝ բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ ինքնըստինքեան առաջ եկող զուգահեռները սթափեցնող պէտք է լինեն բոլոր կողմերի համար»,-ընդգծած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն՝ այս ծանր պահին քեսապահայութեան պաշտպանութեան համար ձեռնարկուող քայլերի համար:
«Ես արդէն յանձնարարել եմ ՄԱԿ-ի՝ Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի գրասենեակներում Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններին՝ հետամուտ լինել մարդու իրաւունքների եւ ազգային փոքրամասնութիւնների հարցերով մասնագիտացուած կառոյցներում Քեսապի հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման եւ նրանց բնակութեան մշտական վայրեր ապահով վերադարձի խնդիրներին»,- ըսած է ՀՀ նախագահը:
Ան յայտնած է թէ ստեղծուած իրավիճակի մասին խորհրդակցութիւն ունեցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Առաջին կաթողիկոսի հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հաւաստիացումով, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կ'աշխատի քեսապահայութեան աջակցելու համար, անհրաժեշտ միջոցառումներու ծրագրի վրայ, որը կ'իրականացուի ամբողջ ծաւալով։