Չափարը Արցախի հնագոյն բնակավայրերէն է: Գիւղի պատմամշակութային կոթողներէն առաւել յայտնի են Հակառակաբերդ ամրոցն ու Կարմիր եկեղեցին: Չափարի մէջ 2012-ին Հիմնադրամի կառուցած շուրջ 4քմ երկարութեամբ ջրատարի շնորհիւ՝ համայնքի 300-է աւելի բնակիչները ապահովուած են խմելու ջուրով:
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը՝ հայաստանաբնակ գործարար Վարուժան Գրիգորեանի հովանաւորութեամբ՝ Մարտակերտի շրջանի Չափար գիւղին մէջ դպրոց կը կառուցէ: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:
Երկյարկանի դպրոցը նախատեսուած է 84 աշակերտի համար: Ամրան ընթացքին անիկա պիտի յանձնուի շահագործման, եւ համայնքի շուրջ 40 աշակերտները նոր ուսումնական տարին պիտի սկսին նորակառոյց հաստատութեան մէջ:
Դպրոցի տնօրէն Իրինա Սեւումեանի խօսքով‘ աշակերտները պարբերաբար կը մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող տարբեր ողիմպիականներու եւ, իբրեւ կանոն, բարձր ցուցանիշներով կը վերադառնան տուն: «Նոր դպրոցն, ինչ խօսք, կը նպաստի, որ երեխաները դպրոց յաճախեն լաւ տրամադրութեամբ եւ ունենան բարձր առաջադիմութիւն: Յոյս ունենք, որ մէկ-երկու տարի անց կþաւելանայ նաեւ դպրոցում ուսանող աշակերտների թիւը»,- նշած է տնօրէնը:
Ընթացքի մէջ են նորակառոյց դպրոցի ներքին յարդարման աշխատանքները: Կից կառուցուող կաթսայատան շնորհիւ ընդհանուրը 940քմ մակերես ունեցող հաստատութիւնը ամբողջութեամբ պիտի ջեռուցուի: Դպրոցը պիտի ունենայ նաեւ բացօթեայ խաղահրապարակ: