Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Մարտ 24-ին, ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ անոնց հետ քննարկեց Արցախի միջազգային ճանաչման հարցը:

ԼՂՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարարը կարեւորած է նման հանդիպումներու կազմակերպումը՝ համատեղ քայլերու հնարաւորութիւնները քննարկելու եւ համագործակցութեան օրակարգը ընդլայնելու առումով։
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են շարք մը հարցերու շուրջ, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլի եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացի վերաբերեալ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն։
Հանդիպման աւարտին նախարար Կարէն Միրզոյեանը ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն յանձնած է ԼՂՀ ԱԳՆ յուշամետալներ։