Երէկ ժամը 13:10-ի սահմաններուն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ՝

մարտական առաջադրանք կատարելու ժամանակ՝ վիրաւորուած եւ մահացած է զինուորական ծառայող Արայիկ Ռոմիկի Բաբայեանը:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ընտանիքին: