ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը լինի այն կառավարութեան կողքին, որն իր ծրագիրը կը կառուցի դեռեւս նախորդ նախագահական ընտրութիւններին կուսակցութեան կողմից առաջարկուած եօթ կէտերի շուրջ»:

ԵՐԵՒԱՆ.- Ս. Աստուածածինի Աւետման տօնին առիթով 7 Ապրիլին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու նախագահութեամբ տեղի ունեցած է երէցկիներու անդրանիկ հաւաքը:

Ողիմպիկան խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան երրորդ տարին անընդմէջ դարձաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեան:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս-Արցախփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին։

Ապրիլ 4-ին Մոկսուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդվարդ Նալբանդեանի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Փոփովի, Ժակ Ֆորի, Ճէյմս Ուորլիքի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անջեյ Կասպրչիկի հանդիպումը: