Յառաջիկայ օրերուն քննարկման նիւթ պիտի դառնայ Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմին հարցը:

Երէկ ՀՅԴ խմբակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական խմբակցութիւններու հերթական հանդիպումը, ուր քննարկուած են քառեակի հետագայ գործողութիւնները:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջին նշանակումները կատարեց նոր կառավարութեան մէջ: Նախագահի հրամանագիրներով Սէյրան Օհանեան վերանշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար, իսկ Էդուարդ Նալբանդեան՝ արտաքին գործոց նախարար:

Վարչապետի նշանակումը քաղաքական մեծամասնութեան մենաշնորհն է, կ՛ապրինք եւ կը տեսնենք, թէ որքանո՛վ Յովիկ Աբրահամեան ինքզինք կ՛արդարացնէ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համաձայն պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն՝ 7 Ապրիլին, ժամը 22։30ի շուրջ, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու հանդիպման գիծի հարաւարեւելեան (Մարջանլու) ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած է ատրպէյճանական խումբերու հետախուզական բնոյթի համակարգուած փորձ: