Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 2-4 Ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Մոսկուա:

ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Ապրիլ 3ին, կայացաւ ՀՀԿ Գործադիր մարմինի նիստը, որուն աւարտին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար, Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր հրաժարականը ներկայացուցած է:

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը կազմակերպեց քայլերթ՝ դէպի Պռոշեան գիւղ: Երթը սկիզբ առաւ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնէն:
Երիտասարդները կոչերով եւ պաստառներով, Ճանապարհը փակեցին ու իրենց բողոքը յայտնեցին, որ անցած է մէկ տարի, սակայն սպանութեան գործը դեռ չէ բացայայտուած:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան 27 Մարտին Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի ժողովրդական դրամատան նախագահ Չոու Սեաոչուանի հետ: Քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ դրամատնային ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Մարտ 28-ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը, որը կը վարէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: