ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան 9 Ապրիլին ընդունած է ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Պիերուիրտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրեց Յովիկ Աբրահամեանին ՀՀ վարչապետ նշանակելու մասին հրամանագիրը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակութեան ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքմենիստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին բանակցութիւնները կայացած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

Այս խճանկարը նուիրուած է Քրիստոնէութիւն  ընդունած առաջին հայերուն

Ռէկնում.ռու ռուսական կայքէջը լուսանկարային շարքի տեսքով ներկայացուց պատմութիւնը 7-րդ դարու հնագոյն հայկական խճանկարի, որ յայտնաբերուած է 1895-ին, Երուսաղէմի Մուսրարա թաղի մէջ։ Այս խճանկարը յայտնաբերուած է տուներէն մէկուն հիմը փորելու ընթացքին։