Խրիմի մէջ իրականացած հանրաքուէի մասին Հայաստանի նախագահի եւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին՝ հայկական կողմի արտայայտած դիրքորոշման մասին տեղեկատուութիւնը փոխանցուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան: 

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Մայիս 24-26 ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Երուսաղէմ: Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր առաջնորդներու հետ հանդիպում, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արեքպիսկոպոս Մանուկեան:

Հայաստանի կառավարութեան հրաժարականի հարցը ԱԺի մէջ պիտի քննարկուի Ապրիլ 28-ին

Փակ դռներու ետեւ կայացաւ մօտ երկու ժամ տեւած հանդիպումը, որու աւարտին ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը յայտարարեց, որ ԲՀԿ-ն, «Ժառանգութիւն»-ը, ՀԱԿ-ը եւ ՀՅԴ-ն կառավարութեան հանդէպ անվստահութիւն յայտնելու հարցը խորհըրդարանի օրակարգին պիտի բերեն Ապրիլ 28-ին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:

Մարտ 18-ի գիշերը Նայիրի բժշկական կեդրոնին մէջ 72 տարեկանին մահացաւ քանդակագործ Արա Շիրազը: Ան Փետրուար 22-ին հիւանդանոց տեղափոխուած էր գլխուղեղի ախտորոշմամբ՝ գիտակցութեան կորուստով: